ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՊԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՔԱՂԱՔԻՍ ՄԷՋ
Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ քահանայապետ Տ.Տ. Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապի գահակալութեան 12-րդ տարեդարձը երէկ քաղաքիս մէջ նշուեցաւ՝ քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներու մասնակցութեամբ։ Հարպիյէի Սէն թ՚Էսփրի լատին կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ այս առթիւ մատուցուեցաւ գոհաբանական Ս. Պատարագ՝ հանդիսապետութեամբ Թուրքիոյ պապական նուիրակ Մոնս. Մարեկ Սոլժենսքի արքեպիսկոպոսին, որու կողքին էր քաղաքիս լատին կաթոլիկներու վիճակաւոր Մոնս. Մասսիմիլիանօ Փալինուրօ եպիսկոպոսը։
Այս արարողութիւններուն մասնակցեցաւ նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, ընկերակցութեամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ լատինաց արքեպիսկոպոսարանին մէջ սարքուեցաւ նաեւ սիրոյ սեղան մը, որու ընթացքին Սրբազան Պապի գահակալութեան տարեդարձը ողջունեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. ուղղափառաց տիեզերական պատրիարքը։ Ներկայ էր նաեւ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան Գերապայծառը։ Քրիստոնեայ բոլոր հոգեւոր առաջնորդները ուրախութիւն յայտնեցին, որ այս տարի Ս. Զատիկը պիտի տօնախմբուի նոյն թուականին։ Հաւաքոյթի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Նիկիոյ առաջին տիեզերական ժողովի գումարման մօտալուտ 1700-ամեակի յոբելեանին, որու առթիւ նախատեսուած է Սրբազան Քահանայապետի Թուրքիա այցելութիւնը։