ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՍԱՆԵՐ ԱԹԷՆՔ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Կեդրոնական վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս այցելեցին Աթէնք։ 31 աշակերտէ բաղկացեալ խումբին ուղեկցեցաւ դպրոցի ուսուցչական կազմէն երեք կրթական մշակ, ինչպէս նաեւ Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան։ Շուրջ հինգ օրուայ ուղեւորութիւն մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին Կեդրոնականի սաները Աթէնքի մէջ մասնակցեցան MUN (Model United Nations) ծրագրին, որու ընթացքին մասնակիցները յանուն իրենց ներկայացուցած պայմանական երկիրներուն զանազան միջազգային կազմակերպութիւններու աշխատանքին մասնակցիլ ձեւացուցին. օրինակ՝ ՆԱԹՕ, Եւրոմիութիւն, Համաշխարհային առողջապահութեան կազմակերպութիւն եւ այլն։ Անշուշտ, այս ամբողջ աշխատանքը կատարուեցաւ անգլերէնով։ Կեդրոնականցիները անանտեսելի յաջողութիւն արձանագրեցին՝ ընկերամշակութային զարգացման հետամուտ այս նախաձեռնութեան շրջանակներէն ներս։

Խումբը Աթէնքի մէջ, բացի ՄԱԿ-ի աշխատելաոճի ընդօրինակման այս նախագիծէն, ազատ ժամանակներուն յատկանշական տեսարժան վայրեր ալ այցելեց։ Այս ամբողջին մէջ առանձնացաւ Աթէնքի հայկական Զաւարեան վարժարանը, որու առընթեր կեդրոնականցիները այցելեցին նաեւ Քոքինիա թաղամասը, որու անցեալը եւս հայոց հետ առընչուած է։ Խումբը այցելեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական եկեղեցին, ինչպէս նաեւ Իսթանպուլէն գաղթած յոյներու միութիւնը։ Ուղեւորութեան եզրափակիչ փուլին խումբը այցելեց նաեւ նշանաւոր Աքրոփոլիսը, որ Աթէնքի խորհրդանշանը կը համարուի։ Այս բոլոր փուլերուն տղաքը հնարաւորութիւն ունեցան տարրական պատերացում մը կազմակերպելու հին յունական փիլիսոփայութեան գեղարուեստի եւ ճարտարապետութեան մասին։

 

Ուրբաթ, Մարտ 21, 2025