ՍԿԻՒՏԱՐԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՄԵԾԱՐԵԼ ԱՐՇԱՒԻՐ ՍՐԿ. ՊԻՒՅԻՒՔԻՇՄԱՆԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք Մաշալեան ընդունեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Պերճ Զընկըքն ու գործակից ընկերները: Ներկայ էին նաեւ Տ. Մելքոն քհնյ. Փնարճեան եւ Արշաւիր սրկ. Պիւյիւքիշման: 

Զրոյցի ընթացքին հիւրերը Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նկատառման յանձնեցին, թէ Արշաւիր սրկ. Պիւյիւքիշման, որ եկեղեցւոյ երկարամեայ երաժշտապետն է, արդէն թեւակոխած է սարկաւագական ձեռնադրութեան յիսնամեայ յոբելենական փուլին:

Նորին Ամենապատուութիւնը ուրախութիւն յայտնեց Արշաւիր սրկ. Պիւյիւքիշմանի ձեռնադրութեան յոբելեանի կապակցութեամբ եւ փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու յարատեւութեան բարեմաղթանքը: Ան բարձր գնահատեց սարկաւագին կողմէ մատուցուած բոլորանուէր ծառայութիւնը: Նկատի ունենալով, որ Սկիւտարի ընտանիքը կը պատրաստուի կազմակերպել յոբելենական հանդիսութիւն մը՝ Նորին Ամենապատուութիւնը խոստացաւ իր հովանաւորութիւնը:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 21, 2026