ՎԱՀԱՆ ՏԷՐԵԱՆԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ՝ ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ԴՊՐՈՑԻՆ ՄԷՋ

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ մեծանուն գրող Վահան Տէրեանի վերաբերեալ ձեռնարկ մը։ Տէրեանի բանաստեղծութիւնները նոր իմաստ գտան, նոր ներշնչանքի առիթ դարձան՝ աշակերտներու շուրթերէն։ Յայտագիրը ունէր նաեւ երաժշտական բաժին մը, որ ներկայացուեցաւ երաժշտութեան ուսուցիչ Հրանդ Չիզմէճեանի մականին ներքեւ։

Ձեռնարկի ներկաներու շարքին էին դպրոցի կամաւոր հոգաբարձուները՝ Դալար եւ Արթօ Հորոզօղլուները, տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեան, ուսուցչական կազմը, ծնողներ եւ հիւրեր, որոնք բոլորն ալ ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին աշակերտներուն արձանագրած յաջողութիւնը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 21, 2025