ԿՂԶԵԱՑ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՀՈԳԵՃԱՇ ՄԸ ՍԱՐՔԵՑ ԳՆԱԼԸԻ ՅՈՒՆԱՑ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ՃԱՄԲԱՐԻ ՏՂՈՑ ՀԱՄԱՐ

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեան եւ իր գործակից ընկերները շաբաթավերջին այցելեցին նոյն կղզիի յունաց ամառնային ճամբարը։ Այցելութեան մասնակցեցաւ նաեւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Հարկ է նշել, որ յունաց ճամբարը կը գործէ Գնալը կղզիի յունաց վանքի համալիրէն ներս, ուր այս տարի Վրաստանէն երիտասարդներ կը հիւրընկալուին։ Ճամբարի տնօրէն Տիամանտի Քումվոփուլոս ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց հայր սուրբը եւ թաղականները։ Նկատի ունենալով, որ երկու համայնքներու միջեւ եղբայրական ջերմ կապեր գոյութիւն ունին եւ այդ մէկը կղզիի վրայ ալ ամրան շրջանին կ՚ունենայ իր դրսեւորումները՝ թաղականները հոգեճաշ մը սարքել նախատեսած էին ճամբարի աշակերտներուն համար։ Ուրեմն, այս հոգեճաշը առիթ դարձաւ ջերմ համախմբման։ Թէ՛ վարչայինները, թէ՛ հոգեւորականները եւ թէ տղաքը ունեցան հաճելի ժամանց՝ վայելելով իրարու հետ քաղցր զրոյցը։

Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ ամիս յունաց վանքը պիտի հիւրընկալէ նաեւ թրքահայ համայնքէն մանուկներ եւ պատանիներ՝ հաշուի առնելով, որ այս տարի եւս ստիպողաբար փակ կը մնայ Գարակէօզեան տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 21, 2025