ԼԵՌՆԱ ԹՈՒՄԱՅԵԱՆԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՆՈՒԱՃՈՒՄԸ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդուհիներէն Լեռնա Թումայեան յաջողութեամբ աւարտած է իր բարձրագոյն ուսումը բժշկութեան ճիւղէն ներս։ Այսպէս, ան վկայուած է «Պեզմիալէմ» վաքըֆի համալսարանի բժշկական ֆաքիւլթէէն։
Լեռնա Թումայեան, որ 2015 թուականին աւարտած է Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը, աւելի վերջ յաճախած է Պէշիկթաշի «Սաքըփ Սապանճը» անատոլու-լիսէն։
Լեռնա Թումայեան բարձրագոյն ուսումը ստացած է թէ՛ «Պեզմիալէմ» վաքըֆի հիւանդանոցին եւ թէ Լոնտոնի Արքունի ազատ հիւանդանոցին մէջ։ Փորձնական այս աշխատանքներուն հիման վրայ ան արդէն նուաճած է բժիշկի կոչում, ինչ որ մասնագիտական առումով պաշտօնամուտի համազօր է։
Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Լեռնա Թումայեանը, որ վկայականը ստացած է՝ բժշկական ֆաքիւլթէի շրջանաւարտութեան հանդէսին ժամանակ։ Իրեն կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ՝ խնդակցելով նաեւ ընտանիքին՝ մանաւանդ, որ ան դուստրն է Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տնօրէնուհի Անիթա Թումայեանի։