Չորեքշաբթի 2, Ապրիլ 2025
Ս. ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՄԷՋ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցան հետաքրքրական ձեռնարկներ։ Այսպէս, «Բանաւոր» պատմութեան խումբը աշակերտներուն հետ ունեցաւ հաճելի հանդիպում մը, որու ընթացքին շօշափուեցան հայկական ժառանգութեան պահպանման վերաբերեալ զանազան հարցեր։ Բաց աստի, դպրոցին մէջ հետաքրքրական դասախօսութիւնով մը հանդէս եկաւ բուսագէտ տքթ. Վահրամ Էլակէօզ, որ աշակերտներուն հետ զրուցեց համեմներու եւ մանրախոտերու վերաբերեալ։
Երկու ձեռնարկներու աւարտին ալ վարժարանի տնօրէն Սերքան Քըյըճը հիւրերուն շնորհակալութիւն յայտնեց՝ յանձնելով յուշանուէրներ։ (Լուսանկարները՝ դպրոցէն)
Շաբաթ, Մարտ 22, 2025