ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԳԱՒԱՌԱՊԵՏԻ ՍԱՐՔԱԾ ԻՖԹԱՐԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան մասնակցեցաւ Պէյօղլուի գաւառապետ Ապտուլլահ Աթաքան Աթասոյի կողմէ կազմակերպուած իֆթարի սեղանին, որ տեղի ունեցաւ Կիւմիւշսույուի «CVK Park Bosphorus» պանդոկի համալիրէն ներս։ Ինչպէս քաղաքիս հոգեւոր առաջնորդները, այնպէս ալ փոքրամասնութեանց շրջանակներէն դէմքեր հրաւիրուած էին այս հաւաքոյթին, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ ջերմ զրոյցի մթնոլորտ։ Փոքրամասնութեանց հոգեւոր եւ աշխարհական ներկայացուցիչները արժանացան գաւառապետի դրական վերաբերմունքին։ 

Աթասոյ ջերմօրէն ողջունեց նաեւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը՝ ուրախութիւն յայտնելով ընթրիքին բերած մասնակցութեան կապակցութեամբ։ Նորին Ամենապատուութեան ընկերացաւ գաւազանակիր Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։

Շաբաթ, Մարտ 22, 2025