ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆ
Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի մէջ սկսաւ մարզական փառատօն մը, որ կը համախմբէ նոր սերունդէ բազմաթիւ ներկայացուցիչներ։ Իր տեսակին մէջ հինգերորդ այս փառատօնը ձօնուած է երջանկայիշատակ պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի յիշատակին։
Փառատօնի սկիզբին առթիւ տեղի ունեցան հոգեւոր եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններ՝ ներկայութեամբ Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեանի, որու կողքին էր Ռաֆֆի Քալք, որ այս ծրագրի աշխատանքները կը համակարգէ։ Կղզիի յունաց ճամբարի տնօրէն Տիամանտի Քումվոփուլոսի գլխաւորութեամբ բազմաթիւ հիւրեր ալ մասնակցեցան այս ձեռնարկին։
Փառատօնը կազմակերպուած է Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի, Գարակէօզեան տան Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի, Ներսէսեան դպրաց դասու տնօրէն խորհուրդի եւ Շիշլի մարզակումբի վարչութեան համագործակցութեամբ։