ERVAB ԵՐԷԿ ԺՈՂՈՎ ՄԸ ԳՈՒՄԱՐԵՑ Ս.Փ. ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄԷՋ

Երէկ երեկոյեան, Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB) Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ գումարեց իր հերթական ժողովը։ «Կոմիտաս» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հաւաքը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Նիստը վարեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, որ ի պաշտօնէ կը գլխաւորէ ERVAB-ը։ Ներկայ էր նաեւ ERVAB-ի ատենադպիր Լեւոն Քուզիքօղլու, որ Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետն է։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ այս անգամ նախագահեց ERVAB-ի ժողովին, բացման աղօթքէն վերջ հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Ան ընդգծեց, որ համայնքէ ներս կեդրոնական ընդհանրական լիազօրութեամբ աշխարհիկ մարմնի մը բացակայութեան պայմաներուն ներքեւ ERVAB ունի անփոխարինելի նշանակութիւն եւ իւրաքանչիւր քայլափոխին անոր կարեւորութիւնը կ՚ընդգծուի, կը շեշտուի՝ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի առկայ մարտահրաւէրներու լոյսին տակ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը համոզուած է, թէ այս հարթակը պէտք է կատարելագործուի եւ այս ճանապարհին գործադրուած ջանքերուն համար արտայայտեց իր գնահատանքը Պետրոս Շիրինօղլուի եւ Լեւոն Քուզիքօղլուի նկատմամբ։

Ժողովի ընթացքին, ըստ էութեան, կարգ մը խնդիրներ առնուեցան խոշորացոյցի տակ՝ ներկայ ամրան շրջանին, որու աւարտին արդէն համայնքային կեանքը շուտով բնականոն հունին ու թափին պիտի վերադառնայ։ Սկիզբին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ամփոփ ձեւով ակնարկեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Իսթանպուլ այցելութեան ընթացքին հոգեւորականաց դասու կողմէ դրսեւորուած կեցուածքին։ Նկատի ունենալով, որ համայնքէն կարգ մը շրջանակներ այս խնդրին վերաբերեալ չարաշահումները կը շարունակեն՝ Նորին Ամենապատուութիւնը հերթական անգամ Պատրիարքական Աթոռի տեսանկիւնէն ամփոփեց խնդիրը՝ նշելով, որ արտայայտուած հակազդեցութիւնը քաղաքական երանգ մը չունի եւ Պոլսոյ Աթոռին կողմէ դրսեւորուած կեցուածքը լրիւ համահունչ է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ընդհանուրին։

Այս բաժնի աւարտին, Նորին Ամենապատուութիւնը խօսեցաւ նաեւ Պատրիարքարանի պիւտճէին եւ կարիքներուն մասին։ Ան պոլսահայ վարժարաններու ցանցի խնդիրներուն վրայ ալ մանրամասնօրէն կանգ առաւ։ Համայնքային վարժարաններու ցանցի վերաձեւաւորման անհրաժեշտութիւններու եւ խնայողութեան հրամայականներու լոյսին տակ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հանդէս եկաւ խորհրդածութիւններով եւ յայտնեց, որ ERVAB-ի հարթակին վրայ այս խնդիրները պէտք է անպայման բարւոք լուծում ստանան։

Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուն ալ խօսեցաւ վարժարաններու վերաբերեալ խնդիրներու շուրջ։ Ան հերթական անգամ բացատրեց, որ վարժարաններու թիւի եւ աշակերտութեան քանակի տեսակէտէ այժմու կացութեան յարատեւութիւնը անկարելի է երաշխաւորել։ Այս հանգամանքին վրայ կու գայ աւելնալ նաեւ դպրոցներու շէնքերու հաւանական երկրաշարժի մը դէմ ամրութեան խնդիրը, ինչ որ նիւթական հարցերը ա՛լ աւելի կը բարդացնէ։ Շիրինօղլու կրկնեց, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ պէտք է անպայման միջոցներ ձեռք առնուին։ Ան խօսեցաւ նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի այժմու կացութեան շուրջ։ Շիրինօղլու դիտել տուաւ, որ քաղաքիս մէջ բազմաթիւ հիւանդանոցներ կը փակուին կամ սնանկութեան եզրին կը հասնին, սակայն, բարեբախտաբար, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը զերծ է նման վտանգներէ եւ վերելքի հունի մէջ կը գտնուի անոր գործունէութիւնը։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ ատենապետ Շիրինօղլուի ելոյթներուն ի շարունակութիւն ժողովականներն ալ արտայայտուեցան՝ մանաւանդ, որ ԹՎՄ-ի Կրթական յանձնախումբին կողմէ տարուած աշխատանքներու արդիւնքներն ալ դրուեցան սեղանի վրայ։

Հարկ է նշել, որ ERVAB-ի երէկուան ժողովը, ինչպէս երկար ատենէ ի վեր կ՚ըլլայ, դռնփակ էր։ Պատրիարքարանի մէջ կազմակերպուած վերջին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, հարցումի մը պատասխանելով՝ Նորին Ամենապատուութիւնը նշած էր, որ ճիշդ չի համարեր ԹՎՄ-ի ժողովներու դռնփակ ըլլալը։ Յամենայնդէպս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր մասնակցութեամբ տեղի ունեցած երէկուան նիստի պարագային ալ շարունակուեցաւ նոյն նախընթացը եւ մամուլի հրապարակումները կը կատարուին անպաշտօն լսումներու եւ մասնաւոր միջոցներէ քաղուած տեղեկութիւններու հիման վրայ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 22, 2025