ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ՝ ԴԷՊԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՐՄԱՇ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ գլխաւորեց՝ Ս. Խաչ դպրեվանքի ընտանիքին կողմէ կազմակերպուած դէպի Արմաշ ուխտագնացութիւնը, որ անցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Շաբաթավերջին նախատեսուած է վարժարանի շրջանաւարտից աւանդական հաւաքը, որու ընդառաջ Ս. Խաչ դպրեվանքի ընտանիքի պատասխանատուները հանդէս եկան այս խորհրդանշական նախաձեռնութեամբ։ Արդարեւ, այսօրուան Ս. Խաչ դպրեվանքը կը համարուի Արմաշի երբեմնի վանքի շարունակութիւնը։ Այս զուգահեռականը միշտ կը բնորոշէ դպրոցի առաքելութեան ուրոյն երեսակներէն մին։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուխտագնացութեան շրջանակներէն ներս քաղաքավարական այցելութիւն մըն ալ տուաւ Քոճաէլիի կուսակալ Իլհամի Աքթաշին։ Ուղեւորութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ Էօզկիւր Տեմիրճի եւ ընկերները, սանուց միութեան վարչայիններ եւս ուխտաւորներու շարքին էին։

Բազմանդամ խումբը առիթն ունեցաւ Արմաշի՝ այժմու Աքմեշէի պատմութեան ու մանաւանդ հայկական հետքերուն մասին բազմակողմանի տեղեկութիւններ քաղելու։ Բիւր յարգանքով վերյիշուեցան Արմաշի եւ Դպրեվանքի վանահայրերը, տեսուչները, սաներն ու բոլոր սատարողները։

Եզրափակիչ փուլին ուխտաւորները վերադարձան վառ տպաւորութիւններով՝ մինչ բոլորը ստացան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնները։

Ուրբաթ, Մայիս 23, 2025