Երկուշաբթի 23, Յունիս 2025
ԱԿԱԴԵՄԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը վերջին օրերուն հիւրընկալեց Իսթանպուլի համալսարանի վերատեսուչ փրոֆ. Պիւլենտ Զիւլֆիքեարը, որուն կ՚ընկերանային համալսարանի բժշկական ֆաքիւլթէի ենթակայ հիւանդանոցի բժշկապետը՝ փրոֆ. Մուսթաֆա Էօզչեթին եւ փոխ-բժշկապետը՝ տոց. Քեամուրան Իպիշ։ Ներկայ էր նաեւ Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու, որ մասնագիտութեամբ բժիշկ է։
Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ գործակից ընկերները, ինչպէս նաեւ բժշկապետ Մագսուտ Ուրուն ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին ակադեմականները, որոնց հետ կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան Ազգային հիւանդանոցի գործունէութեան եւ հեռանկարային ծրագրերուն շուրջ։
Երկուշաբթի, Յունիս 23, 2025