ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍ

Գումգաբուի ընտանիքը շաբաթավերջին խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուաւ Պէզճեան Մայր վարժարանի այս տարուան ընթացաւարտներուն։ Շրջանաւարտութեան հանդէսի պատուոյ հիւրերն էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Պատրիարքարանի լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանի գլխաւորութեամբ՝ Գումգաբուի ընտանիքի վարիչները ջերմօրէն շրջապատեցին այս տարուան տասն շրջանաւարտներն ու հանդէսի բոլոր մասնակիցները։

Յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ ուսուցչուհի Սօնա Արթանի։ Շնորհաւորութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ տնօրէնուհի Քլոտիա Տեմիր։ Տղաքը ծափահարութիւններու ներքեւ ստացան իրենց յուշանուէրներն ու պարգեւները։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան արտասանեց հուսկ բանքը։

Յայտագրի գործադրութեան աւարտին շրջանաւարտները հատեցին իրենց համար պատրաստուած կարկանդակը՝ մինչ բոլորը բարեմաղթութիւններ ըրին անոնց ապագային համար։

Երկուշաբթի, Յունիս 23, 2025