ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱԽՈՅԵԱՆՆԵՐ
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս շաբաթավերջին բացառիկ իրադարձութեան մը վերածուեցաւ՝ Կեդրոնական վարժարանի տարեկան հանգանակութիւնը։ Արդարեւ, Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը Կեդրոնականի ընտանիքի երկու երախտաշատ նուիրեալները պարգեւատրեց՝ Աթոռի պատուոյ շքանշաններով: Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան կատարեց շնորհաբաշխութիւն։ Այսպէս, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը Աթոռի «Օրմանեան» շքանշանը յանձնեց Կեդրոնական վարժարանի բազմամեայ տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեանին, որ այս տարի փոխանցած է իր հերթը։ Միեւնոյն ժամանակ, Նորին Ամենապատուութիւնը Պատրիարքական Աթոռի պատուոյ շքանշանով մեծարեց Յարութիւն Էպէօղլուն, որ երկար տարիներ Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետի պաշտօնը տիրաբար կատարելէ վերջ վերջերս ստանձնած է վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչի պաշտօնը։ Այս պարգեւատրումները Կեդրոնականի մեծ ընտանիքին կողմէ համարուեցան բացառիկ պատիւ՝ մանաւանդ, որ երկու մեծարեալներն ալ համայնքէն ներս ծառայութեան ախոյեաններ կը համարուին։
Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս ստեղծուեցաւ մեծ եռուզեռ։ Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քհնյ. Տամատեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Թէոդիկ քհնյ. Չեթինքայա։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Կեդրոնական եւ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբերու համատեղ կազմին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Շանթ Էսմէրի։
Ի ժամ Ս. Պատարագի Նորին Ամենապատուութիւնը տուաւ օրուան պատգամը, որու ժամանակ անդրադարձաւ Կեդրոնական վարժարանի պատմութեան, առաքելութեան եւ թրքահայ իրականութենէն ներս դերակատարութեան։ Արարողութեան ժամանակ հանդիսաւորապէս ընթերցուեցան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութեան գիրերը։ Սիլվա Գույումճեանին հասցէագրուած օրհնութեան գիրը ընթերցեց պատարագիչ Տ. Գրիգոր աւ. քհնյ. Տամատեան, իսկ Յարութիւն Էպէօղլուին հասցէագրուածը՝ Տ. Թէոդիկ քհնյ. Չեթինքայա։ Օրհնութեան գիրերու ընթերցումէն ետք Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Մայր եկեղեցւոյ խորանէն յանձնեց մեծարեալներուն շքանշանները։
Հուսկ, կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ Կեդրոնական վարժարանի անմոռանալի հիմնադիր երջանկայիշատակ Ներսէս Վարժապետեան Պատրիարքի եւ հաստատութեան բոլոր նուիրեալներուն ու սատարողներուն հոգւոցն ի հանգիստ։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան՝ հոգեհանգստեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ լուսահոգի Ներսէս Վարժապետեան Պատրիարքի շիրմին շուրջ, որ կը գտնուի Մայր եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, յարակից «Պէզճեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութիւնը եւս գլխաւորեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որու կողքին էին Տ. Արամ արք. Աթէշեան, Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան եւ Տ. Գրիգոր աւ. քհնյ. Տամատեան։ Հաւաքոյթը պատուեց նաեւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան։
Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան եւ գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները, որոնց շարքին էին համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, բարերարներ, հասարակական գործիչներ, Կեդրոնականի զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներ եւ հիւրեր։
Յայտագրի տեւողութեան ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան, վարժարանի նորանշանակ տնօրէն Արմէն Սարուխանեան, նախկին տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան եւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան։ Գեղարուեստական բաժնին մէջ Կեդրոնականի աշակերտները արժանացան ծափահարութիւններու։ Հուսկ բանքը արտասանեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ եկեղեցւոյ մէջ խօսած քարոզէն վերջ հերթական անգամ բարձր գնահատանքով ու դրուատիքով արտայայտուեցաւ Սիլվա Գույումճեանի եւ Յարութիւն Էպէօղլուի մասին։
Ղալաթիոյ խնամակալութիւնը Կեդրոնական վարժարանի այս տարուան պիւտճէի բացը յայտարարած էր 34 միլիոն թրքական լիրա։ Երէկուան նուիրահաւաքի արդիւնքին հանգանակուեցաւ շուրջ 26 միլիոն թրքական լիրա։ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը նշեց, որ հանգանակուած գումարը կը համապատասխանէ պիւտճէի ընդհանուր բացի մօտաւորապէս երկու երրորդին, իսկ մնացեալ մասն ալ ամենայն հաւանականութեամբ տարուան տեւողութեան կատարուելիք յաւելեալ աշխատանքներով կ՚ապահովուի։
Միաբերան երգուած Տէրունական աղօթքէն վերջ բոլորը «Պէզճեան» սրահէն հրաժեշտ առին՝ զօրակցութիւն յայտնելով Մկրտիչ Արծիւեանի կողմէ գլխաւորուած Ղալաթիոյ խնամակալութեան եւ վարժարանի ղեկավարութեան, որոնց ջանքերով պատմական կրթօճախը կայուն հունի մէջ կը շարունակէ իր գործունէութիւնը։