ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ՝ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՈՂԲԱՑԵԱԼ ԵԱՎՈՒԶ ՔԸԼԸՉԷՐԻ
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս բարի յիշատակ թողած կրթական մշակ մըն է ողբացեալ Եավուզ Քըլըչէր, որ զանազան առիթներով կ՚ոգեկոչուի երանութեամբ։ Ան ո՛չ միայն համայնքային վարժարաններէ ներս նկարչութեան ուսուցիչ եղած է, այլեւ զանազան եկեղեցիներու սրբանկարներու խնամքով ալ զբաղած է։ Դժբախտաբար Եավուզ Քըլըչէր մահացած է անժամանակ եւ իր կորուստին ցաւը ցարդ կը սգան բոլոր անոնք, որոնք զինքը ճանչցած են՝ մանաւանդ համագործակցած իրեն հետ։
Շաբաթավերջին Եավուզ Քըլըչէր ոգեկոչուեցաւ նկարչական ցուցահանդէսով մը, որ կազմակերպուած էր Եշիլգիւղի սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ։ Այս ցուցահանդէսին իրենց ստեղծագործութիւններով մասնակցեցան՝ Սայաթ Ուշաքլըկիլ, Արաս Էթեէմէզ, Արէտ Կըճըր, Արեգ Իփեքլի, Առէն Սելվիօղլու-Գալայճեան, Իզապէլ Կիւլթոփ, Ճենի Ժանէթ Ատէմ, Գրիգոր Տապանեան, Գրիգոր Ինճիտիւզէն, Մելիսա Էօզսոլաք, Սելին Տեմիրճի եւ Սէրլի Պէշիկթաշլեան։
Ձեռնարկի պատուոյ հիւրերն էին հանգուցեալի այրին Մինէ Քըլըչէր եւ համակրելի արուեստագէտ Մինաս Օֆլազ, որ Եավուզ Քըլըչէրի անմիջական ընկերներէն մին էր եւ առիթ հանդիսացած էր, որպէսզի սկսէր անոր ոդիսականը համայնքային վարժարաններէն ներս։ Քըլըչէրի սաներն ու պաշտօնակից կրթական մշակներն ալ փութացած էին միանալ օրուան խորհուրդին։ Ներկաներու շարքին էին Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան, Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արա Չընար եւ այլ դէմքեր։
Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան հիւրընկալ սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Թերեզա Էրքոլ եւ Մինէ Քըլըչէր։
Ցուցահանդէսի բացման մթնոլորտին մէջ ծաւալուած ելոյթներու ընթացքին ողբացեալ Եավուզ Քըլըչէր ջերմօրէն վերյիշուեցաւ բոլորին կողմէ։