ՄԻՇՏ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՄԷՋ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան վերընտրուեցաւ ԱՔ կուսակցութեան ղեկավար։ Շաբաթավերջին, մայրաքաղաք Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ կուսակցութեան համագումարը, որու ընթացքին բոլոր պատգամաւորներու միաձայնութեամբ Էրտողան վերընտրուեցաւ կուսակցապետ։ Ընդհանուր ժողովի գումարումը եղաւ Թուրքիոյ ներքին քաղաքական օրակարգի հիմնական իրադարձութիւններէն մին։

Համագումարի ընթացքին ընտրուեցաւ նաեւ ԱՔ կուսակցութեան Կեդրոնական գործադիր խորհուրդի նոր կազմը, որ կը բաղկանայ 75 հոգիէ։ Իսթանպուլի երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու վերընտրուած է՝ այս կազմին անդամակցելու համար:

Երկուշաբթի, Փետրուար 24, 2025