Չորեքշաբթի 2, Ապրիլ 2025
ՇԻՇԼԻՑԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐԸ ՆՈՒԱՃԵՑԻՆ ԵՐԿՈՒ ՈՍԿԷ ՄԵՏԱՅԼ
Շաբաթավերջին, Աթագիւղի մարզահամալիրէն ներս տեղի ունեցաւ՝ Իսթանպուլի մարմնամարզի առաջնութիւնը։ Փոքրերու դասաւորման համար կազմակերպուած այս մրցաշարքին մասնակցեցաւ նաեւ Շիշլի մարզակումբը։ Շիշլիցի երկու մարզիկներ ոսկէ մետայլ նուաճեցին այս մրցաշարքի արդիւնքով։
Ռինա Չոլաք միջվարժարանային մրցաշարքի մէջ երկար ցատկի ախոյեանը հանդիսացաւ։ Աքսել Պեշիրեանն ալ յենացատկի մէջ քաղաքի առաջինը դարձաւ։ Այս երկու մարզիկներու արձանագրած նուաճումը մեծ ուրախութեան եւ ոգեւորութեան առիթ դարձաւ։
Բաց աստի, Ռոյ Լուքա Պաքըրճը վազքի մէջ ծափահարելի արդիւնք մը արձանագրեց։
Շիշլիցի մարզիկները այս առաջնութեան մասնակցեցան՝ մարզիչ Հաքան Կիւնարթանի վերահսկողութեան ներքեւ։
Երկուշաբթի, Մարտ 24, 2025