ՋՈՒՐԻ ԱՐԴԻՒՆԱՒՈՐՄԱՆ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐ
Համաշխարհային ջուրի օրուան առթիւ, շաբաթավերջին քաղաքիս մէջ կազմակերպուեցաւ՝ միջազգային մակարդակով մարտահրաւէրի վերածուած ջուրի արդիւնաւորման խնդրին վերաբերեալ կարեւոր հաւաք մը։ «Ջուրի արդիւնաւորման գագաթաժողով» անուանեալ այս հաւաքոյթին մասնակցեցաւ նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Սկիւտարի «Ատրէս» հիւրանոցի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը, որուն ներկայ էր նաեւ Առաջին տիկին Էմինէ Էրտողան։ Ներկայ էր նաեւ Թուրքիոյ կրօնից տեսուչ Ալի Էրպաշ։
Գիւղատնտեսութեան եւ անտառներու նախարար Իպրահիմ Եումաքլը եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ այս հաւաքոյթի ընթացքին հանդէս եկան ելոյթներով։ Բոլոր ատենախօսները բացատրեցին, թէ ջուրը նուիրականութեան համազօր արժէք մըն է ու կը համարուի մարդկութեան տեսակէտէ պարգեւ մը։
Հաւաքոյթի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ընկերացաւ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։