«ՀԱՅՃԱՐ»Ի ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ

«Հայճար»ի 11-րդ ընդհանուր ժողովը շաբաթավերջին գումարուեցաւ Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ։ Նազար Շիկահերի կողմէ գլխաւորուած անցեալ շրջանի վարչութեան գործունէութեան վերաբերեալ բոլոր տեղեկագիրները վաւերացուեցան միաձայնութեամբ։ Ընդհանուր ժողովի ընթացքին շեշտուեցաւ, որ «Հայճար» միշտ կը ձգտի իր ուղղութիւնը շարունակել՝ որպէս մասնագիտական՝ ասպարէզի կազմակերպութիւն մը։ Ընկերային գործունէութիւններով միշտ պատնէշի վրայ մնալ պիտի փորձէ այս կառոյցը, որ համապատասխան ծրագիրներ մշակել պիտի շարունակէ։ Բաց աստի, «Հայճար»է ներս հոգելոյս Նշան Եաղուպեանի արխիւի թուայնացումը արդէն աւարտած է եւ ամենակարճ ժամանակի ընթացքին այդ մէկը հասանելի պիտի դառնայ առցանց։

Ընդհանուր ժողովի ընթացքին ընտրուեցաւ նաեւ «Հայճար»ի նոր վարչութիւնը, որու կազմին մէջ կը գտնուին՝ Նատին Փիլիկօղլու, Արտա Սեփեթճի, Լարա Թաշ, Գարին Շէշէթեան, Սայաթ Սահակօղլու, Լիզա Մուրատտաղը, Նորա Հիսարլը, Արտա Եըլտըրըմ եւ Նատին Էօզգույումճեան։

Համագումարի մասնակիցները եզրափակիչ փուլին շնորհաւորեցին նորընտիր վարչութիւնը՝ յղելով յաջողութեան մաղթանքներ։

Երկուշաբթի, Մարտ 24, 2025