Երեքշաբթի 24, Յունիս 2025
ԴԷՊԻ ԱՄՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ՓՈՒԼԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ուղեւորութեան ծրագրի երկրորդ փուլը արդէն սկսաւ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Լոս Անճելըսէն անցաւ Նիւ Եորք, ուր դիմաւորուեցաւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեանի կողմէ։ Նորին Ամենապատուութիւնը մինչեւ շաբաթավերջ պիտի հետեւի Արեւելեան թեմէն ներս իրեն համար պատրաստուած հիւրընկալման նախագծին։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յուլիսի 1-ին պիտի վերադառնայ իր Աթոռը։ Շրջագայութեան ընթացքին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան իրեն կ՚ընկերանայ՝ որպէս գաւազանակիր։
Երեքշաբթի, Յունիս 24, 2025