«ՅՈՅՍ» ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Երէկ երեկոյեան, Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ ասուլիս մը, որ կազմակերպուած էր «Յոյս» միութեան գործունէութեան խրախուսման նպատակով։ Յատուկ խնամքի կարօտ երեխաներու եւ պատանիներու զօրակցութեան հետամուտ այս միութեան վարչութիւնը վերջին շրջանին զանազան ձեռնարկներ կը կազմակերպէ՝ կառոյցի նկատմամբ հասարակութեան ուշադրութիւնը լարելու նպատակով։ Երէկուան ասուլիսի ատենախօսներն էին մեր թատերական աշխարհի երկու յայտնի դերասանները՝ Պօղոս Չալկըճըօղլու եւ Գրիգոր Տինչքայըքճը։ Հաճելի մթնոլորտի մը մէջ անցաւ երեկոյթը, որու ընթացքին արուեստագէտները պոլսահայ թատերական կեանքին վերաբերեալ յուշեր պատմեցին, նաեւ արծարծեցին առկայ խնդիրները։

«Յոյս»ի վարիչներն ալ բացատրութիւններ տուին միութեան հիմնադրութեան նպատակին, ծաւալած գործունէութեան եւ առկայ կարիքներուն շուրջ։

Կեդրոնական սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Տայք Տանձիկ եւ գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2026