ՄԽԻԹԱՐԵԱՆԻ ԸՆՏԱՆԻՔԷՆ ՀԻՒՐԵՐՈՒ ՀԱՃԵԼԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆԸ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Մխիթարեանի ընտանիքէն ներկայացուցիչներ։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին՝ Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն հայր Յակովբոս ծայրագոյն վարդապետ Չօփուրեան, Արսէն Ռոստոմեան եւ Աւետիս Այտընեան, որ վերջերս մասնագիտական աշխատանքի ձեռնարկած է Մխիթարեանի ընտանիքէն ներս։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին հիւրերը տեղեկացուցին, որ դպրոցէն եւ վանատունէն ներս սկսած են նոր աշխատանքներ, որոնք ուղղուած են արխիւային նիւթերը եւ մշակութային այլ արժէքները նորովի վերարժեւորելու, ինչ որ Մխիթարեանի ընտանիքի հաւաքական յիշողութեան տեսակէտէ կարեւոր նշանակութիւն ունի։ Հարկ է նշել, որ Աւետիս Այտընեան առաջին հերթին կը համագործակցի Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան մատակարար մարմնին հետ եւ արխիւային աշխատանքի առընթեր, իր գործունէութիւնը կ՚առնչուի նաեւ հաստատութեան գրադարանի արդիականացման եւ թարմացման ոլորտին։ Այս ծրագիրը կը համընկնի Մխիթար Աբբահօր ծննդեան 350-ամեակի յոբելենական շրջանին, ինչ որ արտասովոր իմաստ կը վերագրէ՝ քաղաքէս ներս Մխիթարեանի ընտանիքին կողմէ տարուած աշխատանքներուն։ Հիւրերը մեզի յանձնեցին նաեւ Մխիթար Աբբահօր փոքր կիսանդրին, որ գեղարուեստական բարձրորակ արտադրութեան մը պտուղն է եւ պատրաստուած է շատ սահմանափակ թիւով։
Հայր Յակովբոս ծայրագոյն վարդապետ Չօփուրեան, Արսէն Ռոստոմեան եւ Աւետիս Այտընեան դիտել տուին, որ յառաջիկային Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան համալիրէն ներս, Անարատ Յղութիւն մատրան երդիքին տակ ալ նախատեսուած է ձեռնարկ մը, որ պիտի ըլլայ արդիւնքներէն մին՝ այս նոր ձեռնարկուած աշխատանքներուն։
Զրոյցի աւարտին թէ՛ Մխիթարեանի ընտանիքի ներկայացուցիչները եւ թէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հրատարակութեան տնօրէնուհի Նատիա Գօչունեան բարեմաղթանքներ փոխանակեցին, որպէսզի մեր հաստատութիւններուն գործունէութիւնը ըլլայ յարատեւ, միշտ մնայ կայուն հունի մէջ, ինչ որ ճակատագրական նշանակութիւն ունի սփիւռքի ինքնութեան վերանորոգ ու կենսունակ պահպանման տեսակէտէ։