Երեքշաբթի 25, Փետրուար 2025
ԱՅՍ ԵՐԵԿՈՅ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այսօր երեկոյեան Գումգաբուի մէջ կը սարքէ մամլոյ ասուլիս մը։ Անցեալ շաբաթավերջին, Պատրիարքական Աթոռի աղբիւրները պաշտօնապէս տեղեկացուցած էին այս նախաձեռնութեան մասին եւ վերջին օրերուն արդէն սա կը բնորոշէ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգը։ Համայնքային շրջակները ուշադրութեամբ կը սպասեն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր յայտարարութիւններուն, որոնք կրնան կարեւոր նշանակութիւն ունենալ այժմու հրատապ օրակարգին տեսակէտէ։ Արդարեւ, համայնքային կեանքէն ներս կուտակուած են շարք մը խնդիրներ, որոնց պարագայիննախատեսուած է մամլոյ ասուլիսին համար։ Հարկ է նշել, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի անունով այս մամլոյ ասուլիսին պիտի մասնակցի թերթիս գլխաւոր խմբագիրը՝ Արա Գօչունեան։
Երեքշաբթի, Փետրուար 25, 2025