ԹՐՔԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ՆՈՐՈԳ ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ՏԻԳՐԱՆ ԿԻՒԼՄԷԶԿԻԼԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏ ԿՈՒ ՏԱՅ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ

Երախտաշատ ազգային բարերար, Գարակէօզեան տան խնամակալութեան բազմամեայ ատենապետ եւ անմոռանալի համայնքային գործիչ Տիգրան Կիւլմէզկիլ այսօր կէսօրուան ժամերուն կը յուղարկաւորուի Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Ծանօթ է, որ իր անակնկալ կորուստը վերջին օրերուն սուգով համակած է թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը։ Հրաժեշտի փուլին համայնքային շրջանակները կը վերարժեւորեն անոր բազմակողմանի գործունէութիւնն ու անփոխարինելի ներդրումները։ Այս տրամադրութիւններով բոլորը կը փութան իրենց վերջին յարգանքին առարկայ դարձնելու Տիգրան Կիւլմէզկիլը եւ վշտակցելու սգաւոր ընտանիքին։ 

Վերջին տասնամեակներուն Տիգրան Կիւլմէզկիլի մարմնաւորած կերպարը ազդու գործօն մըն էր, որ կը պայմանաւորէր նաեւ համայնքային կեանքի ընթացքը՝ որպէս հեռատես վարիչ, սկզբունքային գործիչ եւ համախմբող վառ անհատականութիւն։ 

Պատրիարքական Աթոռն ալ բոլոր կարգադրութիւնները ըրած է Տիգրան Կիւլմէզկիլին յուղարկաւորութիւնը կազմակերպելու համար բոլոր պատշաճութիւններուն համապատասխան։ Արարողութեան կը նախագահէ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ կը խօսի նաեւ դամբանական մը։ Գարակէօզեան տան խնամակալութիւնն ալ յատուկ կարգադրութիւններ ըրած է՝ մանաւանդ յանձնախումբ մը կազմած է, արարողակարգային կարգապահութիւնը երաշխաւորելու համար։ Գարակէօզեան տան խնամակալութեան անունով Տիգրան Կիւլմէզկիլի դագաղին գլուխը կը դամբանախօսէ նաեւ Գարուն Գովան, որ, միեւնոյն ժամանակ, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչն է։ 

Նորոգ հանգուցեալ Տիգրան Կիւլմէզկիլի մարմինը յուղարկաւորութենէն վերջ կը փոխադրուի Շիշլիի գերեզմանատունը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 25, 2025