ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Սուճուեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Շիրվան քհնյ. Միւրզեան։

Յառաջիկային նախատեսուած է Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին ի նպաստ տարեկան նուիրահաւաքը։ Հանգանակութեան ընդառաջ թաղականները փափաքած էին Գումգաբու այցելել՝ ստանալու համար Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը։ Զրոյցի ընթացքին անոնք Նորին Ամենապատուութեան տեղեկութիւններ փոխանցեցին դպրոցի ընդհանուր կացութեան եւ թաղային խորհուրդի գործունէութեան վերջին մանրամասնութիւններուն շուրջ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուրախութեամբ լսեց իրեն ներկայացուած տեղեկութիւնները։ Միեւնոյն ժամանակ, ան գնահատեց թաղային խորհուրդի գործունէութիւնը, որ ուղղուած է թաղի վարժարանի առաքելութիւնը կայուն հունի մէջ պահելու։

Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը թաղականներուն տուաւ իր օրհնութիւնը՝ մաղթելով, որ տարեկան սիրոյ սեղանը պսակուի յաջողութեամբ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2026