ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Երէկ, Ուսուցչաց օրուան առթիւ, բովանդակ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցան տօնակատարութիւններ եւ զանազան ձեռնարկներ։ Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ ալ տեղի ունեցաւ՝ երկրի 81 քաղաքներէ կրթական մշակներու մասնակցութեամբ մեծ հաւաք մը։ Ծրագիրը սկսաւ Հանրապետութեան հիմնադիր Մեծն Աթաթիւրքի յուշադամբանին տրուած այցելութիւնով։ Օրուան տեւողութեան, Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ տօնական այլ հաւաքոյթ մը՝ բարձր հովանաւորութեամբ եւ մասնակցութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի։

Ուսուցիչներու նկատմամբ յարգանք արտայայտելու հետամուտ այս հաւաքոյթին հրաւիրուած էր նաեւ Մխիթարեան վարժարանի տնօրէնուհի Եւա Օրագեան։ Պեշթեփէի մէջ Եւա Օրագեան ջերմ զրոյց մըն ալ ունեցաւ Ազգային կրթութեան նախարար Եուսուֆ Թեքինի հետ, որ շնորհաւորութիւններ յղեց Ուսուցչաց օրուան առթիւ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2026