ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՇԻՇԼԻԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱՐԱՆ
Երէկ, Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան եւ գործակից ընկերները քաղաքավարական այցելութիւն մը տուին Շիշլիի փոխ-քաղաքապետ Ալի Իքրամ Թունային։ Բացի խնամակալութեան կազմէն Պօղոս Չալկըճըօղլուէ եւ Արտա Էրոլէ, Մկրտիչ Արծիւեանի ընկերակիցներու շարքին էին Նազար Պինաթլը եւ Ժան Կաւրիլոֆ, որոնք Ղալաթիոյ խնամակալութեան Տոլափտերէէ ներս ձեռնարկուած շինարարութեան աշխատանքներու ճարտարապետներն են։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Սայաթ Սար, որ Շիշլիի քաղաքապետութեան դիւանէն ներս փոքրամասնութիւններու հետ հաղորդակցութեան հարցերով կը զբաղի։
Զրոյցի ընթացքին խնամակալները տեղեկութիւններ փոխանցեցին դպրոցի պատմութեան եւ գործունէութեան շուրջ։
Շինարարութեան յանձնախումբի ներկայացուցիչներն ալ անդրադարձան Տոլափտերէի ծրագրի մանրամասնութիւններուն։ Նկատի ունենալով, որ պատուիրակութեան բոլոր անդամները Շիշլի գաւառէ ներս կը բնակէին՝ Թունա անոնց կարծիքը շօշափեց նաեւ այլ զանազան նիւթերու շուրջ։
Զրոյցը աւարտին հասաւ յուշանուէրներու փոխանակումով՝ մինչ Ղալաթիոյ խնամակալութեան ներկայացուցիչները Ալի Իքրամ Թունան հրաւիրեցին փոխադարձ այցելութիւն մը կատարելու Կեդրոնական վարժարան։