ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Սուրբ գրոց ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեան երէկ կարճ կեցութիւն մը ունեցաւ քաղաքիս մէջ։ Հրայր Ճէպէճեան, որ պաշտօնի բերումով յաճախ կը ճամբորդէ, Իսթանպուլի մէջ այցելեց Էսաեան վարժարանը։ Դէպի Հիւսիսային Մակեդոնիա ուղեւորութեան ճանապարհին ան տարացնիկ մըն էր քաղաքիս մէջ եւ այդ հնարաւորութիւնը արժեւորեց այցելելով դարաւոր Էսաեան վարժարանը, ուր ջերմ հիւրընկալութեան արժանացաւ։ Իրեն ուղեկցեցաւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Էսաեան վարժարանի մէջ լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Տենչա Չընար, միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէ, հայերէնի ուսուցիչներ եւ այլ պատասխանատուներ ջերմ վերաբերմունք ցուցաբերեցին Հրայր Ճէպէճեանի նկատմամբ, որ դպրոցի գործունէութեան եւ ընդհանուր վիճակին մասին քաղեց մանրամասն տեղեկութիւններ։ Հրաժեշտ առնելէ առաջ ան բոլորը շնորհաւորեց՝ դպրոցին մէջ ականատես եղած պատկերին բերումով եւ մաղթեց յարատեւ յաջողութիւններ։
Բաց աստի, Հրայր Ճէպէճեան քաղաքավարական այցելութիւն մըն ալ տուաւ Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանը։ Այս առթիւ ան շնորհաւորեց Թուրքիոյ կաթողիկէ հայոց պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան Գերապայծառը, որ վերջերս պաշտօնի կոչուած է։ Արքեպիսկոպոսարանի հանդիպման ընթացքին Հրայր Ճէպէճեանին ընկերացան Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Սուրբ գրոց ընկերութեան Թուրքիոյ մասնաճիւղէն Թամար Քարասու։ Գազանճեան Գերապայծառ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց հիւրերը, որոնք իրեն յաջողութեան մաղթանքներ յղեցին։ Զրոյցի տեւողութեան շօշափուեցան թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգային զանազան հարցերը, ինչպէս նաեւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու զանազան ծալքերը։