ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ՄԷՋ ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ
Գարակէօզեան տան հիմնադրութեան 110-ամեակի յոբելենական գործունէութիւններու ծիրէն ներս, վերջին օրերուն դպրոցին մէջ խանդավառ մթնոլորտ ստեղծուեցաւ։ Այսպէս, ողբացեալ Արամ Նիկողոսեանի յիշատակին ձօնուած երկրորդ միջվարժարանային մրցաշարքը համախմբեց մեր համայնքէն հոծ թիւով նոր սերունդի ներկայացուցիչներ։ Տասնմէկ վարժարան մասնակցեցաւ այս մրցաշարքին, որու շրջանակներէն ներս պասքեթպոլի եւ վոլէյպոլի մրցումներ տեղի ունեցան։
Պասքեթպոլի մէջ առաջին երեք հորիզոնականները զբաղեցուցին՝ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը, Գարակէօզեան վարժարանը եւ Մխիթարեան վարժարանը։ Վոլէյպոլի մէջ դափնեկիրները եղան՝ Եշիլգիւղի վարժարանը, Մխիթարեան վարժարանը եւ Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանը։
Ծրագիրը աւարտին հասաւ ոգեւոր մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնով մը, որու ընթացքին Գարակէօզեան տան տնօրէնուհի Նարօտ Վերոնիք Քուրուղօղլու շնորհաւորութեան խօսք մը արտասանեց։ Բոլոր դափնեկիրներն ալ ստացան իրենց պարգեւները։