ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՆԴԷՍ
Սամաթիոյ ընտանիքը թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի միջնակարգի բաժնի շրջանաւարտներուն համար կազմակերպուած հանդէսին առթիւ ապրեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ Շրջանաւարտութեան հանդէսը տեղի ունեցաւ «Հրաչեայ Աճառեան» սրահին մէջ։ Սամաթիոյ ընտանիքի վարիչներուն ներկայութեամբ, տղաքը ջերմօրէն շրջապատուեցան հանդիսութեան մասնակիցներուն կողմէ։ Ողջոյնի խօսք մը արտասանեց տնօրէնուհի Ալին Եուճէլ։ Շրջանաւարտներուն անունով արտայայտուեցան Սիլվինա Պոլաք, Առէն Աքքուշ եւ Հելէն Հաճըօղլու։ Ծնողներուն անունով ալ խօսեցաւ Ալին Շարքլը։ Եզրափակիչ փուլին օրհնութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։
Յայտագրին յաջորդած ընդունելութեան ընթացքին տղաքը կարկանդակ մը հատեցին՝ ստացած ըլլալով իրենց վկայականներն ու յուշանուէրները։ Բոլորը անոնց ուրախակից եղան՝ ապագայ յաջողութիւններու մաղթանքով։