ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՍԱՔԸԶԱՂԱՃԻ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՄԱՏՈՒՑՈՒԱԾ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան մասնակցեցաւ՝ Կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-պատրիարքին կողմէ մատուցուած Ս. Պատարագին, Սաքըզաղաճի Ս. Աստուածածին հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր առընթեր, Ս. Պատարագին մասնակցեցան քաղաքիս քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդները։ Նորին Ամենապատուութեան ընկերացան Տ. Յարութիւն վարդապետ Տամատեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քահանայ Տամատեան։ 

Հիւր կաթողիկոս-պատրիարքն ու Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը արձակման փուլին միասնաբար օրհնեցին ներկայ հաւատացեալները։ Միեւնոյն ժամանակ, անոնք ողջագուրուեցան ջերմօրէն։ Հիւր պատրիարքը Նորին Ամենապատուութեան շնորհակալութիւն յայտնեց՝ նախօրէին Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ մատոուցած Ս. Պատարագի պարագային ընձեռուած հնարաւորութեան համար։ 

Հիւր կաթողիկոս-պատրիարքը քաղաքիս մէջ կը հիւրընկալուի՝ Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանի Պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան թ. ծայրագոյն վարդապետ Գազանճեանին կողմէ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2026