Հինգշաբթի 27, Փետրուար 2025
ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՆԴԷՍ
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի հանդիսութիւն մը, որ մեծ խանդավառութեան առիթ դարձաւ։ Դպրոցէն ներս տօնական մթնոլորտ ստեղծուեցաւ։ Բոլոր դասարաններու տղաքը, զանազան տարազներու մէջ զիրար ողջունեցին։ Բոլորին համար հետաքրքրական էր այդ նոր կերպարներու մարմնաւորումով պատկերացնել իրենց դասընկերները։
Դպրոցի կրթական մշակներն ալ այս ոգեւոր մթնոլորտին մէջ ջանացին աշակերտները հաղորդ դարձնել Բարեկենդանի եւ անոր անմիջապէս յաջորդելիք Մեծ պահքի շրջանի խորհուրդին։
Հուսկ, վարժարանի տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը, որու ընթացքին մասնաւորապէս շնորհաւորեց այն կրթական մշակները, որոնք Բարեկենդանի խրախճանքի կազմակերպման պատասխանատուութիւնը ստանձնած էին։
Հինգշաբթի, Փետրուար 27, 2025