ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՄԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈՒԻ ՕՐ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ վերջին օրերուն հանդէս մը տեղի ունեցաւ՝ Համաշխարհային մայրենի լեզուի օրը, որուն հետ ածանցուած էր նաեւ 19 փետրուարի Գիրք նուիրելու օրը։

Դասարաններու մէջ զանազան աշխատանքներով եւ աշակերտներուն տրուած բացատրութիւններով արժեւորուեցան այս երկու յատկանշանակ օրերը։

Մինչ այդ, տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու, նաեւ ուսուցչական կազմէն Եւգինէ Ինճիտիւզէն եւ Աննա Սարը Սեչքին աշակերտներուն բացատրութիւններ տուին ձեռնարկի շարժառիթներուն շուրջ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 27, 2025