Երկուշաբթի 31, Մարտ 2025
ՄՕՏԱԼՈՒՏ ՀԱՄԵՐԳ ՄԸ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու մեր համայնքէն երկու երաժշտասէր գործիչներ՝ Հռիփսիմէ Քարափեքմէզն ու Լեռնա Սորկոսը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք մեզի տեղեկացուցին, որ յառաջիկայ ամսուան սկիզբին, Պէյօղլուի «Նարեկեան» սրահին մէջ կը նախատեսուի համերգ մը, որու ընթացքին պիտի հնչեն հայ յօրինողներու ստեղծագործութիւնները։ Արեւելեան երաժշտութեան մեծանուն հայ յօրինողներու ստեղծագործութիւններուն հետ հերթական անգամ շփուելու տեսակէտէ ողջունելի հնարաւորութիւն մը պիտի ըլլայ այս մէկը։
Յաջողութիւն կը մաղթենք։
Հինգշաբթի, Մարտ 27, 2025