ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԸ՝ ՀԱՅԱԿԵՐՏՈՒՄԻ ԵՒ ՄԱՐԴԱԿԵՐՏՈՒՄԻ ՀԻՄՔ
Ամէն անգամ որ գաղութ մը այցելելու առիթը կ՚ունենամ՝ կ՚ուզեմ նաեւ տեսնել հոն գործող հայկական դպրոցները։ Կը տեսնեմ, թէ ինչքան անփոխարինելի է հայ դպրոցին դերը հայակերտումի եւ մարդակերտումի գործընթացին մէջ՝ սփիւռքեան իրականութիւններուն համար։ Եւ պարագան նոյնն է Պոլսոյ Պէյօղլուի շրջանին մէջ գործող Էսաեան վարժարանին՝ երբ առիթը ունեցայ այցելել երեքշաբթի, 24 մարտի, 2025-ին՝ ընկերակցութեամբ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց քարոզիչ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի։ 1895 թուականին հիմնուած այս վարժարանը այսօր տակաւին կը շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ շնորհիւ անոր ետին ամուր կերպով կանգնած խնամակալ մարմիններու, բայց, նաեւ տնօրէնուհիին եւ խումբ մը նուիրեալ հայ ուսուցիչներու։
Դժուարութիւնները եւ մարտահրաւէրները շատ... Եւ սփիւռքի ո՞ր մէկ գաղութի մէջ չկան այդ բոլոր ազգային մեր կեանքերուն դժուարութիւնները... Բայց հայուն կամքը կը յաղթէ այդ բոլոր մարտահրաւէրներուն եւ կը գտնէ ելքը շարունակելու համար այս նուիրական ծառայութիւնը։ Ապրող լաւագոյն օրինակներէն մին է Էսաեան վարժարանը, ուր հայուն առաքելութիւնը՝ իմա նուիրական ծառայութիւնը՝ կենդանի է։ Հայկական Պոլսոյ մէկ ապրող վկայութիւնն է այս վարժարանը՝ իր աշխոյժ տեսլականով։
Եթէ հանդիպեցայ տնօրէնուհիին ու ուսուցչակազմի անդամներուն հետ՝ նաեւ շրջագայեցայ դպրոցի տարբեր բաժինները եւ դասարանները։ Չեմ գիտեր, եթէ պատահականութիւն էր թէ այլ, բայց, ներկայ եղայ դասարաններէն մէկուն «կրօնի եւ բարոյագիտութեան» դասապահին։ Շատ քաջալերական էր լսել եւ տեսնել հայ աշակերտներուն տածած լրջութիւնը նիւթին եւ արժեւորումը անոր։ Միասին խօսեցանք Աստուածաշունչի կարեւորութեան վրայով՝ ներառելով հայերէն Աստուածաշունչը՝ որպէս հիմք մեր քրիստոնէական հաւատքին եւ մեր պատմութեան ու մշակութային արժէքներու գիտակցութեան համար։ Եթէ հայակերտումը շատ կարեւոր է, բայց, նոյնքան նաեւ մարդակերտումը՝ իր հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներու գիտակցութեամբ։
Էսաեան վարժարանի լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Տենչա Չընար, միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէ եւ ուսուցչակազմէն՝ Արփէն Չընար, Մարալ Էպէօղլու Սաթար, Նատին Պէրպէրեան եւ Անի Քալայլը՝ կը շարունակեն մեծ հաւատքով եւ նուիրումով հայակերտումի եւ մարդակերտումի այս նուիրական առաքելութիւնը Պոլսոյ մէջ։ Եթէ շնորհակալ եւ երախտապարտ ենք իրենց ծառայութիւններուն համար, բայց նաեւ կ՚ուզենք ըսել. «Ձեր վարձքը կատար...»։
Հայուն պատմութիւնը կը շարունակուի, երբ կարենանք հայ նոր սերունդը կերտել՝ հայ եւ մարդ։
Եւ հայակերտումի ու մարդակերտումի ամուր հիմքն է հայ դպրոցը, ուր հայուն կեանքը պիտի կարենանք դնել պատմութեան շարունակականութեան գործընթացին մէջ։
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Մարտ 2025