ԴԷՊԻ ՎՈՍՓՈՐ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ԶԲՕՍԱՊՏՈՅՏ

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի աշակերտներուն համար նաւապտոյտ մը կազմակերպուեցաւ դէպի Վոսփոր։ Այս նախաձեռնութիւնը առիթ դարձաւ, որպէսզի տղաքը Իսթանպուլի պատմական եւ բնական գեղեցկութիւններուն գիւտը ընեն տարբեր տեսանկիւնէ մը։ Ծրագիրը կեանքի կոչուեցաւ Իսթանպուլի «Լէօ» ակումբի ջանքերով։ Աշակերտներուն ընկերացան տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան եւ ուսուցչական կազմը։ Բոլորն ալ ջերմ վերաբերմունքի արժանացան Առէն Մարտիկեանի կողմէ, որ կը գլխաւորէ յիշեալ ակումբը։

Երեքշաբթի, Մայիս 27, 2025