ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ՄՐՑՈՅԹ

Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան աջակցութեամբ եւ «Արհեստաւորներու միութիւն» մշակութային հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ, վերջերս կազմակերպուեցաւ նկարչութեան միջազգային մրցոյթ մը։ Մանկապատանեկան ստեղծագործութիւնը խրախուսելու նպատակով կազմակերպուած էր այս մրցոյթը, որ ձօնուած էր խաղաղութեան նիւթին։ Մրցոյթին մասնակցած գործերը ներկայացուեցան նաեւ ցուցահանդէսով մը։ 12 երկրի 200 դպրոցէ աւելի քան երկու հազար աշակերտ մասնակցեցաւ այս նախաձեռնութեան։ Մինչեւ 10 տարեկանները եւ 10-15 տարեկանները առանձին դասաւորումներու մէջ հանդէս եկան։

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանէն այս մրցոյթին մասնակցեցան՝ Հելենա Չիլ, Լիսա Մարիա Տալ, Լիտիա Աթաքէր, Լիա Աթաքէր եւ Նիքոլ Գալայճը։ Արդիւնքին, Լիսա Մարիա Տալ եւ Լիա Աթաքէր յաջողեցան՝ դատակազմին կողմէ ընտրուած 80 լաւագոյններու շարքին մաս կազմել։ Գծագրութեան ուսուցիչ Վահրամ Վոլքան վերահսկած էր անոնց աշխատանքը։ Հայերէնի ուսուցչուհի Հերա Իսքէնտէրօղլուն ալ վերահսկած էր գծագրութիւններու կցուած շարադրութիւնները։

Ծրագրի եզրափակիչ փուլին այս 80 լաւագոյն գործերով մասնաւոր ցուցադրութիւն մը կազմակերպուեցաւ Երեւանի մէջ։ Այս հաւաքոյթին հրաւիրուած էր նաեւ Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնուհի Մարալ Էօզտաղ։

Երեքշաբթի, Մայիս 27, 2025