ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Էսաեան վարժարանի երդիքին տակ երէկ տեղի ունեցաւ՝ պոլսահայ կրթական համակարգի ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ խորհրդակցութիւն մը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, մեր համայնքի կրթական մշակներէն Լենա Չաքըր, Մելիսա Ինկիլիզօղլու եւ Արփէն Չընար, որոնք Էսաեան եւ Թարգմանչաց վարժարաններուն մէջ կը պաշտօնավարեն, վերջերս Գերմանիա այցելած էին՝ միջազգային ծրագրի մը մասնակցելու համար։ Այսպէս, Ֆլենսպուրկ քաղաքի Սանքելմարք ակադեմիային մէջ կազմակերպուած, փոքրամասնութիւններու վերաբերեալ կրթութեան միջազգային հաւաքէ վերադարձին անոնք իրենց տպաւորութիւններն ու դիտարկումները բաժնեցին համայնքային վարժարաններու կրթական մշակներուն հետ։ Թուրքիայէն այլ փոքրամասնական հաւաքականութիւններու ներկայացուցիչներ ալ մասնակցած էին այս նախաձեռնութեան, որու կիզակէտին էին բազմալեզուութեան, մշակութային ինքնութեան պահպանման եւ փոքրամասնութեանց իրաւունքներուն նման նիւթեր։

Գերմանիա մեկնած երեք ուսուցիչները երէկուան հաւաքոյթի ընթացքին հանդէս եկան խորհրդածութիւններով։ Բաց աստի, տեսակապով լսարանին միացաւ փրոֆ. Օլկուն Աքպուլութ, որ այս նախագիծը կեանքի կոչած «European Centre for Minority Issues»ի համակարգողն էր։ Ան տեղեկացուց, որ այս աշխատանքը պիտի ըլլայ շարունակական, ծրագրի յաջորդ փուլը նախատեսուած է 2026 թուականի ամրան։ Աքպուլութ շեշտեց, որ ապագայ նախապատրաստութիւններու ժամանակ պիտի ջանան՝ թրքահայ դպրոցներէն աւելի բարձր թիւով ներկայացուցիչներ ներգրաւել։

Երէկուան հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցան Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհի Տենչա Չընար, Թարգմանչաց վարժարանի տնօրէնուհի Տիրուհի Պերին, Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Տիանա Եըլանճըօղլու, միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Ալին Եուճէլ, Ս. Խաչ դպրեվանքի տնօրէն Սերքան Քըյըճը, Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Երանուհի Պալճը, Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնուհի Մարալ Էօզտաղ, Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէնուհի Քլոտիա Տեմիր, Արամեան-Ունճեան վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու, այլ վարժարաններէ հիմնադրի ներկայացուցիչներ կամ փոխ-տնօրէններ, ինչպէս նաեւ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդէն անդամներ։

Տենչա Չընար եւ Տիրուհի Պերին հաւաքոյթի աւարտին յուշանուէրներ յանձնեցին միջազգային ծրագրին մասնակցած երիտասարդ երեք կրթական մշակներուն։

Երեքշաբթի, Մայիս 27, 2025