ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՎԱՐԻՉՆԵՐՈՒ ՄՕՏԱԼՈՒՏ ՔԱՅԼԱՐՇԱՒԸ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ելիշգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ տքթ. Արա Էրօլ Չընարն ու Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Պեքպըչաքը։
Վերջին տարիներուն համայնքէն ներս հաճելի աւանդոյթի մը վերածուած են՝ հաստատութիւններու վարիչներու մասնակցութեամբ կազմակերպուած քայլարշաւները։ Շիշլի մարզակումբի կողմէ առնուած է առաջին քայլը, որ այս տարի ալ պիտի շարունակուի յաջորդ ամիս։ Քայլարշաւներուն կը մասնակցի նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Շիշլի մարզակումբը այս նախագծով լսելի կը դարձնէ իր կոչը, որպէսզի համայնքի բոլոր խաւերը իրենց առօրեային մէջ տեղ բանան մարմնամարզին։ Բաց աստի, համայնքային վարիչներն ալ այսպէսով հնարաւորութիւն կ՚ունենան անպաշտօն, բարեկամական մթնոլորտի մը մէջ շփուելու եւ զրուցելու։
Երէկուան զրոյցի ընթացքին հիւրերը տեղեկացուցին, որ այս տարուան քայլարշաւը Շիշլի մարզակումբի եւ Եշիլգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի համագործակցութեամբ նախատեսուած է։ Եթէ առաջին երկու քայլարշաւները եղած էին աւելի ծառաստանի, անտառային մթնոլորտի մը մէջ, ապա այս տարուանը պիտի ըլլայ Եշիլգիւղի ծովափին։ Մարզական փուլի աւարտին, Եշիլգիւղի եկեղեցւոյ համալիրէն ներս պիտի սարքուի նախաճաշ մը, որու ընթացքին պիտի շարունակուին մտերմիկ զրոյցները։