ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՆ ԸՆԹԱՑԱՒԱՐՏՆԵՐԸ ԾԱՓՈՂՋՈՅՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐՔԵՒ ՍՏԱՑԱՆ ԻՐԵՆՑ ՎԿԱՅԱԿԱՆՆԵՐԸ

Ս. Խաչ դպրեվանքի 2024-2025 կրթական շրջանի ընթացաւարտները ծափողջոյններու ներքեւ ստացան իրենց վկայականները։ Վարժարանէն ներս կազմակերպուած շրջանաւարտութեան հանդէսը համախմբեց ամբողջ Սկիւտարի շրջանի մեր հաստատութիւններու վարիչները, որոնք փութացած էին ուրախակից ըլլալու Դպրեվանքի ընտանիքին՝ մանաւանդ այս տարուան շրջանաւարտներուն։ Խնամակալութեան ատենապետ Էօզկիւր Տեմիրճի եւ գործակից ընկերները, տնօրէն Սերքան Քըյըճը եւ հաստատութեան պատասխանատուները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան Դպրեվանքի երդիքին տակ։

Յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ մասնակցութեամբ շրջանաւարտներու ծնողներուն եւ այլ հիւրերու։ Դպրոցի պատասխանատուները շրջանաւարտներուն ապագայ յաջողութիւններ մաղթեցին իրենց ելոյթներուն մէջ։ Ընթացաւարտ դասարանի ներկայացուցիչներն ալ արտայայտեցին իրենց յուզումը՝ կրթական կեանքի այս կարեւոր քայլափոխին։ Վկայականներուն առընթեր, շրջանաւարտները ստացան նաեւ յուշանուէրներ։ Վարժարանի սրահին մէջ սարքուած ընթրիքին ժամանակ հատուեցաւ նաեւ շրջանաւարտներուն համար պատրաստուած կարկանդակը։ 

Ուրբաթ, Յունիս 27, 2025