ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ԵՒ ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ

Երէկ, Գարակէօզեան տան մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի հանդիսութիւն մը, որ առանձնացաւ՝ եկեղեցի-դպրոց-մամուլ եռամիասնութեան կենսական նշանակութեան տեսանկիւնէն։ Այսպէս, Գարակէօզեան տան ընտանիքը մեծարանքի հանդիսութիւն մը կազմակերպեց՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հրատարակութեան տնօրէնուհի Նատիա Գօչունեանին ի պատիւ։ Ինչպէս ծանօթ է, Նատիա Գօչունեան այս շրջանին կը նշէ իր ծննդեան 75-ամեակն ու լրագրական գործունէութեան 45-ամեակը։ Մօտաւոր անցեալին թերթիս խմբագրութեան եւ վարչութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ նշուած էին այս կրկնակ յոբելեանները։ Ի շարունակութիւն, Գարակէօզեան տան ընտանիքը կազմակերպեց իսկապէս շատ յաջող ձեռնարկ մը, որ թէ՛ անմիջական էր եւ թէ անմոռանալի դարձաւ բոլոր անոնց տեսակէտէ, որոնք շնչեցին մթնոլորտը։ Մեծարանքի հանդիսութիւնը թէեւ զանազան առումներով յատկանշական էր, սակայն, Նատիա Գօչունեանի տեսակէտէ ան զգացական մեծ նշանակութիւն ունեցաւ՝ ապագայ ընթերցողներու հետ անմիջական շփման հնարաւորութեան տեսակէտէ։ Արդարեւ, պատմական դպրոցի յարկէն ներս Նատիա Գօչունեան ջերմօրէն շրջապատուեցաւ միջնակարգի աշակերտներուն եւ կրթական մշակներուն կողմէ, որոնք իրենց անվերապահ յարգանքը արտայայտեցին անոր կերպարին նկատմամբ։

Դպրոցի հանդէսը սկսաւ ուսուցչուհի Մարի Արզումանի ողջոյնի խօսքով։ Միջնակարգի աշակերտները լաւ պատրաստուած էին հանդէսին՝ քանի մօտաւոր անցեալին՝ 16 հոկտեմբերին հայ մամլոյ օրուան առթիւ ալ կեանքի կոչած էին ծրագիր մը։ Աշակերտները այդ ծրագիրը կրկնեցին Նատիա Գօչունեանի ներկայութեամբ, սակայն, արդիւնքը պարզ կրկնութենէ մը շատ աւելին եղաւ, որովհետեւ անոնք իրենց աչքին առջեւ ունէին հայ մամլոյ նուիրեալ մը։

Միջնակարգի սաները սլայթներու ցուցադրութեամբ անդրադարձան հայ մամլոյ պատմութեան՝ սկսելով Մատրասի «Ազդարար»էն, հասնելով մինչեւ մերօրեայ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը։ Այս տեղեկութիւններէն վերջ, ներկայացուեցան երկու տեսանիւթեր, որոնք պատրաստուած էին Նատիա Գօչունեանի կրկնակ յոբելեաններուն առթիւ։ Խնդրոյ առարկայ ֆիլմի եւ լուսանկարներու շարքի ցուցադրութենէն վերջ, դպրոցի ուսուցչական կազմէն Թաթիա Մարաշլեան հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը եւ Նատիա Գօչունեանը հրաւիրեց տղոց հետ զրուցելու։ Օրուան մեծարեալը հակիրճ խօսք մը ուղղեց տղոց, որպէսզի հարցում-պատասխանի բաժնով աշակերտներն ալ ներգրաւուէին մթնոլորտին։ Տղաքը իսկապէս հետաքրքրական հարցումներ տուին, իսկ Նատիա Գօչունեանի պատասխաններն ալ նոյնքան սպառիչ էին։ Ան զրոյցի բոլոր փուլերուն մասնաւորապէս փոխանցեց մայրենիի նկատմամբ հաւատարմութեան եւ նախանձախնդրութեան պատգամը։

Հուսկ, Գարակէօզեան տան տնօրէնուհի Նարօտ Վերոնիք Քուրուղօղլու հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը՝ ծաղկեփունջ մըն ալ յանձնելով Նատիա Գօչունեանին։ Մինչ այդ, Գարակէօզեան տան սաներէն Սարին Մումի կողմէ ստեղծագործուած՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի անունով նկարչական աշխատանք մըն ալ յանձնուեցաւ օրուան մեծարեալին։

Միջնակարգի աշակերտներուն եւ դպրոցի ուսուցչական կազմին, ինչպէս նաեւ տնօրէնուհի Նարօտ Վերոնիք Քուրուղօղլուի մասնակցութեամբ Գարակէօզեան տան մէջ կազմակերպուած այս մեծարանքի հանդիսութիւնը պսակուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ։ Մէկ կողմէ յոբելեար Նատիա Գօչունեան բացառիկ զգացումներ ունեցաւ Գարակէօզեան վարժարանի նման եզակի առաքելութեամբ կրթօճախի մը երդիքին տակ հիւրընկալուելով, իսկ միւս կողմէ ձեռնարկի մասնակիցները առիթն ունեցան շփուելու հայ մամլոյ նուիրեալի մը հետ, որ իր ամբողջ գիտակցական կեանքը նուիրած է ասպարէզին։

 

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 27, 2026