Ուրբաթ 28, Փետրուար 2025
ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ԲԱՑԱՌԻԿ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ԱՊՐԵՑԱՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔԻՆ
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի խրախճանք մը։ Դպրոցի տղաքը վերջին քանի մը օրերուն, քանի մը փուլերով Բարեկենդանի ծրագիրը կեանքի կոչեցին՝ ընթացքին անդրադառնալով նաեւ Սրբոց Վարդանանց տօնին։ Այս բոլորէն վերջ, եզրափակիչ մեծ հանդէսը տեղի ունեցաւ վարժարանին յարակից Արամեան սանուց միութեան սրահին մէջ։ Տղաքը ծափահարութիւններու արժանացան իրենց յաջող ելոյթներով՝ մինչ հտպիտներու մասնակցութեամբ ալ իրենց համար նախատեսուած զուարճանքը եղաւ ստեղծուած բարձր տրամադրութեան թագն ու պսակը։
Ուրբաթ, Փետրուար 28, 2025