ԱՍՊԱՐԷԶՆԵՐՈՒ ԾԱՆՕԹԱՑՄԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ

Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ՝ ասպարէզներու ծանօթացման ուղղեալ հաւաքոյթ մը։ Դպրոցի միջնակարգի բաժնի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հաւաքոյթը երկրորդն էր իր նմաններու շարքին։ Միջնակարգի վերջին երկու դասարաններու սաները եւ իրենց ծնողները մասնակցեցան ձեռնարկին, որու ընթացքին առիթն ունեցան զրուցելու դպրոցի շարք մը յաջող շրջանաւարտներուն հետ։ Անոնց համար եզակի հնարաւորութիւն մըն էր շփուիլ՝ Սահակեան-Նունեան վարժարանը աւարտած, ասպարէզի տէր դարձած անձերու հետ։ Հրաւիրեալ ատենախօսներն էին Քրիստին Մինասեան, Վարդան Աչըք, Առէն Իչէօզ, Լուսի Տեստիճի, Փոլ Ըրկաւ, Նատին Ալթըփարմաք, Անէթ Սանտրա Աչըքկէօզ եւ Շահէն Թոքատլըօղլու։ Զրոյցը վարեց ուսուցչուհի Լեթիսիա Էզէր-Իսքեթէ։

Իր կարգին, տնօրէնուհի Ալին Եիւճէլն ալ ողջոյնի խօսքին մէջ ուրախութիւն յայտնեց սոյն համախմբման համար՝ մասնաւորապէս կարեւորելով սերունդներու համախմբումը։

Ուրբաթ, Փետրուար 28, 2025