Երկուշաբթի 31, Մարտ 2025
ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՐԵՒԱԳԱԼԻՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր Արեւագալի ժամերգութեան նախագահեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ, ուր համախմբուած էին զանազան թաղերէ փութացած ուխտաւորներ։ Արարողութեան ներկայ էր նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան՝ Միսաք Սարկաւագ Չամեափանի, Գէորգ Չամի եւ Սարգիս Բարսեղեանի կողմէ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խօսեցաւ քարոզ մը։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, ատենապետ Նուրհան Սուճուեանի կողմէ գլխաւորուած Թոփգաբուի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը Նորին Ամենապատուութիւնը եւ ներկայ ուխտաւորները պահքի սեղանով մը հիւրընկալեց յարակից «Իլքքան» սրահին մէջ։
Ուրբաթ, Մարտ 28, 2025