ՄՏԱԽԱՂԵՐՈՒ ՄԷՋ ԱՌԱՋՆՈՒԹԻՒՆ

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանէն Լուսին Չաղլը, Ալին Աթաքէր, Լիտիա Ալթունեան, Լիսա Մարիա Տալ, Հելենա Չիլ եւ Ասիա Աթաքէր մասնակցեցան Շիշլիի շրջանին կազմակերպուած մտախաղերուն։ Շիշլիի կրթական տնօրէնութեան կողմէ կազմակերպուած միջվարժարանային ձեռնարկ մըն էր այս մէկը։ «Կիւլսէն Մուսթաֆա Մուզուրի» վարժարանի երդիքին տակ տեղի ունեցան այս մտախաղերը, որոնց ծիրէն ներս Մէրամէթճեանի աշակերտները նուաճեցին առաջնութիւնը։ Տղաքը մտախաղերուն մասնակցեցան՝ ուսուցչուհի Այլին Պահատըրի մականին ներքեւ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 28, 2025