ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆ

Երէկ, Էսաեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտութեան փառատօն մը, որ ձօնուած էր Կոմիտաս Վարդապետին։ Հաստատութեան հիմնադրութեան 130-ամեայ յոբելեանի շրջանակներէն ներս կազմակերպուած էր ձեռնարկը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն։ Յայտագրին մաս կազմեցին աշակերտներու խմբերգները՝ Քարին Քիւչիւքօղլուի մականին ներքեւ։ Նախագծին աջակցած էր նաեւ ուսուցչուհիներէն Անի Քալայլը։

Եզրափակիչ փուլին ելոյթ մը ունեցաւ վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Լենա Ենիեորկան, որ գնահատեց բոլոր անոնք, որոնք դեր ստանձնած էին այս ծրագիրը կեանքի կոչելու համար։

Չորեքշաբթի, Մայիս 28, 2025