ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՍՈՒԼԻՍ

Երէկ երեկոյեան, սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական տքթ. Յակոբ Այնթապլեան ասուլիսի մը մասնակցեցաւ Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ։ Ձեռնարկին ներկայ էին Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան եւ Կեդրոնականի ընտանիքէն վարիչներ։ Յակոբ Այնթապլեան խօսեցաւ Յովհաննէս Թումանեանի, Սայաթ Նովայի եւ հայոց լեզուի մասին։ Իր խորհրդածութիւններուն ընթացքին ան անդրադարձաւ՝ գրաբարի հիմքով արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի մերձեցման մասին։

Երեկոյթի ընթացքին կիթառի նուագներով հանդէս եկաւ Արսէն Զաքարեան։ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեանն ալ արտասանեց հուսկ բանքը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 28, 2025