ԿՂԶԻԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ՀԱՒԱՏԻ ԵՒ ՀՆԱՄԵՆԻ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԱՌ ՀԵՏՔԵՐՈՎ…

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ շրջափակը երէկ հոծ թիւով հաւատացեալներու ժամադրավայրը հանդիսացաւ՝ Պայծառակերպութեան տօնին առթիւ։ Կղզիի բարձունքին հաւատի եւ հնամենի աւանդութիւններու վառ հետքերով հոգեւոր բացառիկ հրճուանքի մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ օրուան քարոզին մէջ բացատրեց, թէ առաքեալները Քրիստոսի Աստուածային լոյսի վկաները դարձան եւ այդպէսով անդրադարձան, թէ խաւար աշխարհի մէջ Աստուծոյ հետ ըլլալու փափաքը արդէն կը կրէին իրենց սրտին մէջ։

Երգեցողութիւնները կատարուեցան Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Սիրուն Սիրունեանի։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ շրջափակին տեղի ունեցաւ տաղաւարի աւանդական խրախճանքը։ Մինչ բոլորը, ըստ աւանդութեան, կենարար ջուրով զիրար թիրախաւորեցին, ջրախաղերուն զուգահեռ արձակուեցան սպիտակ աղաւնիներ, հնչեց ժողովրդական երաժշտութիւն եւ հոծ թիւով երիտասարդներ պար բռնեցին՝ պարուսոյց Յակոբ Կիւլէչի գլխաւորութեամբ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 28, 2025