ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՈՒ ԲԱՑԱՌԻԿ ՀԱՄԵՐԳԸ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ
Կէտիկփաշայի Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբը երէկ երեկոյեան ելոյթով մը հանդէս եկաւ Գումգաբուի մէջ։ Բուն Բարեկենդանին զուգադիպած ձեռնարկը կազմակերպուած էր Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեամբ։ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, մշակոյթի կեդրոնի վերածուած Ս. Որդւոց Որոտման տաճարի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ երեկոյթը, որուն ներկայ էին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր։
Զուարթնոց երգչախումբը փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրեց խմբավար Ատրուշան Հալաճեանի մականին ներքեւ եւ Արտէն Զէյֆիեանի երգեհոնահարութեամբ։ Մաէսթրոն, որ վերջին շրջանին այս երգչախումբի ղեկը ստանձնած է, նկատելի արդիւնք ապահոված է թէ՛ սերնդափոխութեան եւ թէ մակարդակի բարձրացման առումով։
Յայտագրի սկիզբը խորապէս տպաւորիչ էր, մանաւանդ, որ երգացանկի առաջին կտորն էր մեծն Կոմիտաս Վարդապետի «Ազգային օրհներգ»ը։ Բացի Կոմիտասէն ներկաները ունկնդրեցին Մակար Եկմալեանի, Ժիրայր Արսլանեանցի, Կարօ Զաքարեանի, Արա Պարթեւեանի, Բարսեղ Կանաչեանի, Տիգրան Չուխաճեանի, Էտկար Յովհաննիսեանի, ինչպէս նաեւ Ճիւզեփփէ Վերտիի յօրինումներուն։
Ամբողջ համերգը ակնթարթի մը նման անցաւ՝ մինչ ներկաները իսկապէս վերացած անբացատրելի պահեր ապրեցան՝ ըմբոշխնելով մաէսթրօ Ատրուշան Հալաճեանի սաներու տարած աշխատանքին ողջունելի արդիւնքը։
Համերգի եզրափակիչ փուլը վերածուեցաւ ներկաներու որոտընդոստ ծափահարութիւններով, որոնցմով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հանդէս եկաւ գնահատանքի խօսքով։
Հուսկ, յարակից «Պէզճեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին բոլորը ջերմօրէն շրջապատեցին մաէսթրօ Ատրուշան Հալաճեանը եւ երգչախումբի անդամները, որոնք բացառիկ հաճոյք մը պարգեւած էին իրենց։