ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԸ ԲՆՈՐՈՇՈՒԵՑԱՒ ՄԵԾ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ

Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջը բնորոշուեցաւ Բարեկենդանի խանդավառութեամբ։ Եկեղեցւոյ երիտասարդաց կազմը փոքրիկներուն համար կազմակերպեց խրախճանք մը, որ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ յարակից «Պալեան» սրահին մէջ։ Ամբողջ Պէշիկթաշի ընտանիքը խանդավառ պահեր ապրեցաւ այս հաւաքոյթի ընթացքին։

Տղաքը նախ եկեղեցւոյ մէջ կատարեցին իրենց ուխտի աղօթքը, իսկ աւելի վերջ խրախճանքի յայտագրի տեւողութեան հաճելի ժամանց ունեցան՝ մանաւանդ, որ հտպիտներու հսկողութեամբ նախատեսուած էր իրենց օրը։

Երկուշաբթի, Մարտ 3, 2025